Որոնել

2025.06.11 S.E. il Signor Antonio Guterres, Segretario Generale delle Nazioni Unite

Լեւոն ԺԴ. ունկնդրութիւն շնորհեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար` Անթոնիօ Կութերեսին

Պետական քարտուղարութեան մէջ ջերմ քննարկումներու ընթացքին արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի աջակցութիւնը` Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան համաշխարհային խաղաղութեան յանձնառութեան: Այնուհետև քննարկումը կեդրոնացաւ ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուող որոշ գործընթացներու և յառաջիկայ գագաթնաժողովներու, ինչպէս նաև այն դժուարութիւններուն վրայ, որոնց կը հանդիպի Կազմակերպութիւնը ներկայիս աշխարհի մէջ տիրող որոշ ճգնաժամերու լուծման գործին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 11 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան սրահի իր գրասենեակին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար` Տիար Անթոնիօ Կութերեսին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու ու Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր». Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը։

Պետական քարտուղարութեան մէջ ջերմ քննարկումներու ընթացքին արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը` Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան համաշխարհային խաղաղութեան յանձնառութեան: Այնուհետև քննարկումը կեդրոնացաւ ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուող որոշ գործընթացներու և յառաջիկայ գագաթնաժողովներու, ինչպէս նաև այն դժուարութիւններուն վրայ, որոնց կը հանդիպի Կազմակերպութիւնը ներկայիս աշխարհի մէջ տիրող որոշ ճգնաժամերու լուծման գործին մէջ:

Զրոյցի ընթացքում քննարկուեցան նաև հակամարտութեան և անկայունութեան որոշ յատուկ իրավիճակներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2025, 13:35