Ռուսիան անօդաչու թռչող աարքերով եւ հրթիռներով յարձակում գործած է Օտեսայի եւ Քիեւի վրայ
Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշեր Ռուսիան «Շահետ» անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով յարձակած է Ուքրանիոյ, մասնաւորաբար Օտեսայի եւ Քիեւի վրայ: Այս մասին կը յայտնէ «Քորրեսփոնտենթ»-ը:
Օտեսայի մէջ վնասուած է ծննդատան շէնքի վարչական մասը, հարուած հասցուած է բնակելի շէնքին. 59 տարեկան տղամարդ մը մահացած է, եւ առնուազն 4 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող բնակելի շէնքերը լուրջ վնաս կրած են: Շտապօգնութեան կայանի վարչական շէնքը ամբողջովին աւերուած է:
Քիեւի վեց շրջաններու մէջ արձանագրուած են յարձակողական անօդաչու թռչող սարքերու բեկորներու անկումներ: Այս մասին երեքշաբթի, 10 յունիսի գիշերը յայտնած է Քիեւի քաղաքային զինուորական վարչութիւնը:
Քիեւը գտնուած է անօդաչու թռչող սարքերու զանգուածային յարձակումի տակ: Տասնեակ մը անօդաչու թռչող սարքեր գրոհած են Ուքրանիոյ մայրաքաղաք: Անկէ առաջ Ռուսիան թեւաւոր հրթիռներ արձակած է Քիեւի վրայ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ վրայ գիշերային յարձակումներուն ընթացքին հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով «հաւաքական հարուած» հասցուցած է «Ուքրանիոյ մէջ օդանաւերու, հրթիռներու, զրահապատ մեքենաներու եւ նաւերու արտադրութեան կառոյցներուն
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ